2017-09-19 09:09:00

21 Սեպտեմբերին` ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ նուիրուած նախարարական հանդիպում


ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ Ընդհանուր ժողովի ընդհանուր քաղաքական բանավէճերու ծիրին մէջ 21 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ նուիրուած բարձր մակարդակի միջազգային հանդիպում: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», ԹԱՍՍ-ի հետ բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն դեսպան Վասիլի Նեպենզիա:

«Սուրիոյ ճգնաժամին նուիրուած միջազգային հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 21 սեպտեմբերին. անիկա տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Խնամակալութեան խորհուրդի դահլիճին մէջ` լայն ձեւաչափով», ըսած է ռուս դիւանագէտը:

Ան բացատրած է, թէ հանդիպումը, որ պիտի կայանայ Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեամբ, առնչութիւն չունի Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակին հետ, որ կը ներառէ 20 երկիր, ՄԱԿ-ը եւ Արաբական լիկան: Այդ խումբի համանախագահներն են Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները:








All the contents on this site are copyrighted ©.